2012-05-31 12:17:46

Մարեմեան Խորհրդածութիւն
Պատրաստեց` Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեան, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մեծաւոր Մայր։


«Կին դո՛ւ, ահա որդի քո՛
Ահա Մայր քո՛»

Խաչափայտէ կախուած՝ Քրիստոս՝ նայուածքը թանկագին ու ցաւագին Մօրը ուղղած Աստուածօրէն կը կտակէ. «Կին դո՛ւ, ահա որդի քո՛» մատնանշելով Յովհաննէսը՝ որ ցաւերու մէջ թաղուած Սուրբ Կուսին մօտ էր, կարծէք նեցուկ էր։ Ապա Յովհաննէսի դառնալով կը կոչէ՛ «Ահա Մայր Քո՛»...
Ո՛չ հրեշտակը եւ ո՛չ ոեւէ արարած մը չէ որ Սուրբ Կոյսը Մարդկութեան՝ Քու եւ իմ Մայրը յորջորջէ՝ այլ Ինք Քրիստոս։
Արդ, նոյն րոպէին Սուրբ Կոյսը՝ ո՛չ միայն Աստուածամայր այլ ընդհանուր Մարդկութեան Մայր կը յորջորջուի.
«Ահա որդի Քո»
«Ահա Մայր Քո»։
Աշխարհիս վրայ ի՞նչ բանը, ո՞վ է աւելի թանկագին քան Մայրը... Աստուածամայրը՝ Մայրը՝ Մարդկութեան՝ եւ յատկապէս իմ Մայրս՝ Մարիամը¬Ամենակարողը՝ հզօր է աղաչանքը՝ Մարիամու...ի՞նչ կարող չենք...ինչեր կարող չենք խնդրել եւ ունենալ...մեզի փաստ «Կանայի հարսանիքի հրաշքը, Տիրամօր մէկ խօսքին վրայ ուղղուած Յիսուսի «Գինի չունին». Յիսուս անտարբեր չմնաց, հակառակ որ սկիզբը չոր պատասխանեց...Քեզի ինծի ի՞նչ... տակաւին ժամանակս չէ հասած»... Այո՛ այս խօսքը ըսաւ, բայց արդէն՝ նայուածքները խօսած, ընդունած եւ որոշած էին... Մարիամ կÿըսէ սպասաւորներուն «Ինչ որ ձեզի ըսէ՛ ըրէք» եւ հրաշքը կատարուած էր, ջուրը դարձած էր գինիի... Իսկ ի՞նչպէս նկարագրել հարսնեւորներուն ուրախութիւնն ու պարծանքը երբ ամէն կողմէ, վերջին հրամցուած գինիին բացառիկ ու թանկարժէք ըլլալը այնքան կը բարձրացնէ մակարդակը հարսնեւորներուն։
Որեւէ նեղ, դժուար պայմաններու, պարագաներու մէջ, չտարակուսինք, դիմենք Սուրբ Կուսին՝ որդիական սիրով եւ վստահութեամբ դիմենք, անտարակոյս Աստուածամօր միջնորդութեամբ երկինք պիտի խոնարհի երկիր... եւ խնդրուած շնորհքը պիտի ստացուի եթէ սա նպաստաւոր, օգտակար է խնդրողին, մեզի...








All the contents on this site are copyrighted ©.